2013-03-25 12:41:12

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Հաստատէ` Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Երիտասարդութեան Համաշխարհաին Օրուայ Իր Մասնակցութիւնը։


Երկուշաբթի 25 մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Մարք Ուելլէն, ապա ընդունեց` Կրօնաւորական միաբանութիւններու եւ հաստատութիւններու ժողովի կառավարիչ` կարտինալ Ժաօ Պրազ Տէ Ավիւը, հուսկ ժամը 12,30-ին, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ունկնդրութիւն շնորհեց Մէքսիքոյի դեսպան` տիար Հէգդոր ֆետերիքօ Լինկ Ալդամիրանոյի ։

Իսկ կիրակի 24 մարտի առաւօտեան, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, 250 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ` ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, ժամադրութիւն տուաւ Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ հադիպելու` յառաջիկայ Յուլիսին ''երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան'' առթիւ։

'' Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - ես ալ ձեցի կ՛ընկերանամ ձեր այս ուղեւորութեան ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետեքերով` հասնելու Խաչի ուխտագնացութեան յառաջիկայ հանգրուանին։ Նայուածքս կ՛ուղղեմ յառաջիկայ յուլիս ամսուայ դէպի Րիո Տէ Ժանէյրօ, ու ձեզի ժամադրութիւն կու տամ Պրազիլ։ Լաւ պատրաստուեցէք այդ հանդիպումին, նա մանաւանդ հոգեւոր գետնի վրայ, որպէսզի այդ հանդիպումը, բոլոր աշխարհին համար ըլլայ հաւատքի նշան։''

Յայտնենք որ մի քանի օրեր առաջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցած էր Պրազիլի Նախագահ` Տիկին Տիլմա Րուսսէֆի հետ որ Սրբազան Քահանայապետին նորոգած էր Պրազիլ այցելելու հրաւէրը։

Յուլիսին նշուող երիտասարդութեան յառաջիկայ համաշխարհային օրը կը հանդիսանայ Լատին Ամերիկեան հողամասի վրայ կատարուած առաջինը, Լատին Ամերիկացի Քահանայապետի մը ներկայութեամբ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.